Friday, June 1, 2018

Պատահած բա՞ն է 11 տարի ծառայել և յետոյ ակնթարթի մը մէջ մոռցուիլ

Այսպիսի պարագայ մը արձանագրուեցաւ Էմիրութիւններու Շարժա համայնքին մէջ:

Տասնըմէկ տարի նուիրաբար ծառայող Րօզէթ Պաղտոյեանը մէկ օրէն միւսը մոռացութեան մատնուեցաւ, երբ ան որոշեց չշարունակել իր սիրայօժար ու կամաւոր ծառայութիւնը:

Րօզէթը իր կեանքէն հազարաւոր ժամեր տրամադրած էր Էմիրութիւններու գաղութին, մանաւանդ տեղւոյն միօրեայ վարժարանին:

Ան ո՛չ մէկ ջանք խնայեց: Քրտնաջան աշխատեցաւ: Ոչ մէկ ատեն իր ծառայութիւնն ու նուիրական մօտեցումը սակարկութեան նիւթ դարձուց: Բոլորը վկայ դարձան իր գործունէութեան:

Շահեցաւ ծնողներուն համակրանքն ու սէրը: Անոնք իր մէջ գտան իրենց զաւակներուն խնամատար ու հոգածու պաշտպանը: Մէկ-մէկ ճանչցաւ ծնողներն ու աշակերտները: Իւրաքանչիւրին կեանքը, բոլոր մանրամասնութիւններով հանդերձ՝ իրը դարձուց:

Ու օր մըն ալ անարդարութեան մը ականատես դարձաւ, որ զինք այնքան յուզեց, որ որոշեց անաղմուկ հեռանալ:

Իր հեռացումը սակայն առիթ տուաւ որ նոր անարդարութիւն մը արձանագրուի: Իր երկարամեայ ծառայութիւնը այդպէս ալ աննկատ մնաց ու մոռացութեան դատապարտուեցաւ:

Մեզի սակայն կը մտահոգէ այս երեւոյթը, քանի որ մեր հասարակութիւնը այսպիսի պարագաներու կրկնութեամբ կրնայ տկարանալ ու կորսնցնել առողջ հաւաքական կեանքի մթնոլորտը:

Մեր իրականութիւնը պէտք ունի ծառայասէր անձերու:

Որքա՜ն դժուար եղած է այդպիսի մարդոց հանդիպիլ:

Բայց երբ կը հանդիպինք, նուազագոյնը ազնիւ ըլլանք ու խոնարհինք անոնց ներդրումին առջեւ: Գոնէ այդպէս խթանած կ'ըլլաք, որ ուրիշներ ալ հետեւին անոնց օրինակին:

No comments:

Post a Comment