Sunday, January 11, 2015

Խղճալի եւ ինքնամփոփ ընտրութիւններ

Քուէ արձանագրելու սեղանիկ
The upcoming elections unfortunately are very poor in structure and essence. They reflect a very pitiful picture of our community, where only 6% of the people have the right to elect and only 4% effectively take part in the elections. It is not difficult to guess what preferences this electoral minority will have when voting for relatives, friends and in-laws. A really sad picture of our community: a picture of stagnation and self-destruction. 

Քանի մը օրէն Էմիրութիւններու հայութիւնը պիտի ընտրէ թեմական իր երեսփոխանները, որոնք յաջորդող չորս տարիներու ընթացքին պիտի վերահսկեն ազգային հասարակական կեանքը:

Ընտրութիւնները, անցեալին նման, կը շարունակեն մնալ խղճալի եւ ինքնամփոփ:

Խղճալի, որովհետեւ անոնք գաղութին իսկական պատկերը չեն արտացոլեր, այլ տարտամ իրավիճակի մը վկայութիւնը կը հանդիսանան:


Հինգ հազարէ աւելի հայ բնակչութիւն ունեցող գաղութին մէջ, թեմական ընտրութիւններուն մասնակցողները կը ներկայացնեն այդ թիւին 6%ը: Իսկ ընտրուողները կը ստանան ձայներու 4%ը (այսինքն այդքան ձայն բաւարար է ընտրուելու համար):

Ինչո՞ւ աւելի մեծ թուով մարդիկ չեն մասնակցիր այս ընտրութիւններուն: Ընթացիկ ու դիւրին պատասխանը այն է, որ մարդիկ անտարբեր ու անհոգ են: Մինչդեռ շարք մը այլ պատճառներ կան:

Գտնուեցա՞ն արդեօք նախկին թեմականներ (որոնք ներկայիս դարձեալ վերընտրուելու կը պատրաստուին), որոնք ցանկացան գործնական քայլեր առնել ժողովրդային այս «անտարբերութիւն»ը յաղթահարելու համար: Ի հարկէ ոչ, որովհետեւ եթէ նոր մարդիկ ներգրաուուին ազգային կեանքէն ներս անոնք պէտք է իրենց աթոռներէն հրաժարին:

Ո՞վ պիտի ընդլայնէ ժողովրդավարութեան օղակը: Ինչո՞ւ այդ օղակը գաղութը խեղդամահ ընելու աստիճան նեղ կը մնայ: Ինչո՞ւ թեմական մը պիտի ընտրուի հայութեան միայն 4%ին ձայներով: Այդպիսի ընտրութիւն մը որքանով արդարացի է, նոյնիսկ եթէ հիմնուած է կանոնագրութեան վրայ, ուր նման հարցեր դիտմամբ անտեսուած են:

Վատէն դէպը աւելի վատին կ'առաջնորդուինք այս ձեւով, երբ աշխարհ օրն ի բուն զարգացումի մէջ է:

No comments:

Post a Comment