Sunday, January 11, 2015

Մէկ մտածողութեան տիրակալութիւնը


Ընտրական թափանցիկ տուփը
When we review the names of the candidates for the UAE Armenian community elections this Friday, we easily notice the dominance of one mentality or color. Also it is noticed that some of the candidates have been occupying their seats for twenty years, thus excluding the presence of younger generations. To make matters worse there are no women candidates. 

Ուրբաթ օրուան ընտրութիւններու թեկնածուներուն անունները կարդալով յստակ կը դառնայ որ անոնք միօրինակ ու միագոյն մտածողութիւն կը ներկայացնեն: Ըստ երեւոյթին գաղութը չորս տարի եւս պիտի գտնուի խեղդուած ու լճացած վիճակի մէջ:

Այս տարի մանաւանդ զգալի է, որ բաւական թիւով կուսակցական (այս պարագային դաշնակցական) թեկնածուներ կան, որոնց շարքին աւելորդ կամ «ստից» թեկնածու մը: Այս վերջինին ներկայութիւնը կը ծառայէ ապացուցելու թէ տեղի ունեցած ընտրութիւնները ժողովրդավարական են:

Թեկնածուներու կարգին կան այնպիսիներ, որոնք քսան տարիներէ ի վեր նոյն աթոռին վրայ անսասան կը մնան ու ամէն առիթ կ'օգտագործեն շեշտելու թէ իրենք գաղութին «սիւներ»ն են: Անոնք այս գաղութի ռահվիրաներն են, որոնք օր մը դինոզավրներու (dinosaurs) նման պիտի անհետանան՝ ետին ձգելով քարաշէն քանի մը կառոյց: Դժբախտաբար իրենց պատճառով լրիւ սերունդ մը հեռու մնացած է ազգային կեանքէ:

Քսան տարուան «ընտրական» կեանք ունեցող գաղութը չկրցաւ այս ընտրութիւններուն, թէկուզ ձեւականօրէն, գոնէ մէկ կին թեկնածու ներկայացնել: Իրենց աթոռները վերահաստատելու հեւքին մէջ մարդիկ չ՛անդրադարձան այս կէտին: Եւ ինչո՞ւ պիտի անդրադառնան: Ո՞ր մանրամասնութիւնը կարեւոր եղած է իրենց համար:

No comments:

Post a Comment