Saturday, January 10, 2015

Ազգային Սահմանադրութիւնը հիմք Էմիրութիւններու ընտրութիւններուն

Թեմի անդամները կ'ընտրեն ներկայացուցիչները
The elections in the UAE Armenian Community on 16 January 2015 are based on the "National Constitution" of Constantinople Armenians (1860). A variant of that constitution has been adopted in the UAE since 1994. You can find the text of the National Constitution in both Eastern and Western Armenian at the links below.

Էմիրութիւններու մէջ 16 Յունուար 2015 թուականի ընտրութիւնները որպէս հիմք ունին Պոլսոյ Ազգային Սահմանադրութիւնը (1860), որու հիման վրայ պատրաստուած են Կիլիկիոյ Կաթողկոսութեան թեմերէն ներս գործող զանազան նոյնանման կանոնագրութիւնները:

Այսպէս, Էմիրութիւններու մէջ կանոնագրութիւնը վաւերացուած է 1994 թուականին Գարեգին Բ.ին կողմէ եւ ունի 100 յօդուածներ:

Կանոնագրութեան կարելի է ամբողջութեամբ արեւմտահայերէն լեզուով կարդալ հոս

Արեւելահայերէնի տարբերակը կարելի է կարդալ հոս

Ընտրական յանձնախումբը իր անդրանիկ շրջաբերականով հետեւեալ կէտերը առանձնացուցած էր այդ կանոնագրութենէն՝

1) Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալ։
2) 18 տարիքը լրացուցած ըլլալ՝ ընտրելու համար, իսկ 25 տարեկան՝ ընտրուելու համար։
3) Ընտրական շրջանին մէջ մնայուն կերպով բնակութիւն հաստատած ըլլալ քուէարկութենէն առ նուազն վեց ամիս առաջ։
4) Քրէական յանցանքով դատապարտուած չըլլալ։
5) Ազգային տուրքը վճարած ըլլալ կանոնաւորապէս (ներառեալ 2014-ի տուրքը)։
6) Ազգային Երեսփոխանական կամ Ազգային Վարչութեան Ժողովին կողմէ իբրեւ զեղծարար դատապարտուած կամ համայնքային պաշտօններէ վտարուած չըլլալ։
7) Մտային խանգարում ունեցած չըլլալ։

Իրականութեան մէջ վերջին երկու պարագաները առնչութիւն չունին մեր գաղութին հետ հետեւեալ պատճառներով՝

- Ըստ մինչեւ հիմա արձանագրուած պաշտօնական տուեալներուն, տակաւին ոչ մէկ հայ անհատ Էմիրութիւններու մէջ դատապարտուած է զեղծարարութեան մէջ:

- Ըստ Էմիրութիւններու պետական օրէնքներուն, մտային խանգարում ունեցող անձին կեցութեան կարգավիճակ կամ վիզա չի շնորհուիր Էմիրութիւններուն մէջ:

Հետեւաբար սոյն երկու կէտերը անտեղի յիշուած են յայտարարութեան մէջ եւ ոչ մէկ գործնական իմաստ կը կրեն:

 

No comments:

Post a Comment