Saturday, January 10, 2015

Թեմական նոր ընտրութիւններ Էմիրութիւններու մէջ 2015 թուականին

Ընտրական յանձնախումբը կը դիմաւորէ քուէարկողները (2011)
On 16th January 2015, the 6th elections in the UAE Armenian community will take place in Sharjah and Abu Dhabi (with parallel elections in Doha). Nine candidates will be competing for seven seats in Sharjah. In Abu Dhabi the elections look more like a vote of confidence, since there are just three candidates for the existing three seats.

16 Յունուար 2015ին Էմիրութիւններու եւ Քաթարի մէջ տեղի պիտի ունենան թեմական 6-րդ ընտրութիւնները: Քուէատուփեր պիտի տեղադրուին Շարժայի, Ապու Տապիի եւ Տոհայի մէջ:

Նախկին ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին 2011-ի Ապրիլին: Այդ թուականէն ի վեր շատ բան փոխուած է շրջանին եւ համայն աշխարհի մէջ:

Տեղական հայկական առումով նախկին Քուէյթի եւ Էմիրութիւններու միացեալ թեմը այժմ վերածուած է երկու թեմերու՝ մէկը Քուէյթի իսկ միւսը Էմիրութիւններու եւ Քաթարի միացեալ թեմ անուններով: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար յատկացուած աթոռներուն թիւը ենթարկուած է պատշաճեցումներու: Այսպէս, Շարժայի աթոռներուն թիւը բարձրացած է հինգէն եօթի, իսկ Ապու Տապիի աթոռներուն թիւը նուազած է չորսէն երեքի: Քաթարի հայութեան ալ յատկացուած են որոշ աթոռներ:

Շրջանին մէջ քաղաքական մեծ վերիվայրումներ տեղի ունեցած են, որոնց հետեւանքով մեծապէս տուժած է պատմական սուրիահայ գաղութը: Շատ մը սուրիահայեր Հայաստան ապաստանած են, իսկ անոնցմէ որոշ անհատներ, Հայաստանի քաղաքացիութիւնը ստանալէ ետք, յաջողած են ժամանել Էմիրութիւններ՝ գործի փնտռտուքի համար:

Միջազգային գետնի վրայ լարուածութիւն կը տիրէ աշխարհի շատ մը կողմեր, ինչպէս Ռուսիա (Ուկրանիոյ առնչութեամբ) եւ Ֆրանսա (վերջին օրերուն հրատարակչատան մը վրայ եղած ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով):

Դառնալով մեր նիւթին, վերոնշեալ թուականին եօթ հոգի պիտի ընտրուին Շարժայի մէջ, հետեւեալ ինը անձերէ բաղկացած ցանկէն՝

1. Գորուքեան Մայք Koroukian Mike

2. Թահմազեան Հայկազ Tahmazian Haygaz

3. Մանճիկեան Սեպուհ Manjikian Sebouh

4. Յովսէփեան Փառէն Hovsepian Paren

5. Ներկիզեան Վարուժ Nerguizian Varouj

6. Պետիրեան Մուշեղ Bedirian Moushegh

7. Սէպէեան Խաչիկ Sebeian Khachik

8. Սողոմոնեան Հրայր Soghomonian Hrayr

9. Քալսահակեան Հրաչ Kalsahakian Hrach

Իսկ Ապու Տապիի մէջ կան երեք թեկնածուներ երեք աթոռներու համար՝

1. Երէցեան Վահէ Yeretsian Vahe


2. Թուխմանեան Վահէ Toukhmanian Vahe

3. Սիմոնեան Րաֆֆի Simonian Raffi

Ուրեմն, Ապու Տապիի մէջ, իրականութեան մէջ, ընտրութեան փոխարէն պիտի հաստատուին երեք թեկնածուները անունները նոյն թիւով աթոռներուն վրայ: Այս պարագային քուէարկութեան ձայները պիտի նպաստեն իմանալու համար թէ թեկնածուներէն ով աւելի ժողովրդականութիւն կը վայելէ:

No comments:

Post a Comment