Friday, January 28, 2011

Խտրականութեան հետքերը ծածկելու փորձառութիւն

Hrach Kalsahakian gives examples from his own experience about discriminating attitude of some officials in the Armenian Council in Sharjah. He says that this attitude is really harmful and above all unethical.

Հրաչ Քալսահակեան


Երբ արտասահմանէն հիւրեր այցելեն մեր գաղութը անոնք կը տեսնեն մեր գողտրիկ եկեղեցի-դպրոց համալիրը Շարժայի մէջ եւ կը հիանան թէ ինչպէ՜ս անապատին մէջ, այսպիսի օտար երկրի մը մէջ, հայեր կրցած են այսպիսի բան իրականացնել:


Անոնցմէ մէկը երբ հարց տայ թէ այս եկեղեցին ո՞ր հատուածին կը պատկանի, կը ստանայ խորհրդաւոր ժպիտով պատասխան մը՝ «ամէն հայու»: Շատ լսած ենք «մենք այստեղ խտրականութիւն չունինք», «մեզի համար կարեւորը հայն է», «այս կառոյցը ամէնուն տունն է» խօսքերը:


Առաւելագոյն մէկ ժամ տեւող այցելութեան սահմաններուն մէջ դժուար պիտի ըլլայ հիւրի մը համար սոյն լոզունգներուն ետին թափանցել: Բայց տասնամեակներ այստեղ ապրողին համար այլ է պատկերը:


Անձնական օրինակով խօսիմ: Վերջերս «Ազատ-Հայ» կայքը, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ գործող համահայկական տարածումով լրատուական կայք մըն է ստացաւ պատւոյ գիր Սփիւռքի Նախարարութենէն: 


Լուրը պատշաճ կերպով փոխանցուեցաւ Շարժայի Ազգային Վարչութեան բայց յայտարարութիւններու ցուցատախտակին վրայ չդրուեցաւ: 


Այլ օրինակ՝ Երկու շաբաթ առաջ գաղութը ծառայող Սրբազան հօր ողջերթի ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր Տուպայի հինգ աստղանի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ: «Ազգային գործունէութիւն ունեցող» բոլոր անձեր եւ մարմիններ հրաւիրուած էին այդտեղ, բացի վերոյիշեալ կայքէն: Արդեօ՞ք «Ազատ-Հայ»ը ազգային գործունէութիւն ծաւալող մարմին չէ՞: Այո՛, այդպիսին է, բայց խտրականութեան ոգիով առաջնորդուողներուն համար հարցը այլ ծալքեր կրնայ ունենալ:


Անշուշտ եթէ հարց տրուի թէ ինչո՞ւ այսպէս կը պատահի, ամէն տեսակի պատճառաբանութիւններ պիտի մէջտեղ նետուին: 


Եզրափակենք հետեւեալ հաստատումով՝ Էմիրութիւններու հայ գաղութին մէջ խտրականութիւն կայ, բայց անոր հետքերը ծածկելու կարեւոր փորձառութիւն կուտակուած է:

No comments:

Post a Comment