Friday, January 28, 2011

Մետալներու տարափ

Hrach Kalsahakian finds it strange that a small Armenian community in UAE has so many individuals with medals, certificates of honors and other prizes received by different Armenian entities. None of these medalists are known for their scientific, cultural, intellectual or other virtues. Unfortunately, the medal shower is only for their financial or administrative contribution. The painful reality of the community is that no intellectual has ever been honored.

Հրաչ Քալսահակեան

Չորս հազար հայ բնակչութիւն ունեցող Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գաղութը ունի անհամեմատ մեծ թուով մետալակիրներ: 

Ունինք այստեղ բազմաթիւ ասպետներ, իշխաններ, զանազան մետալակիրներ, շքանշանակիրներ, պատուոյ եւ գնահատանքի արժանացած մարդիկ: 


Ունինք անհատներ որոնք չգոհանալով այսքանով տակաւին անվերջ արշաւներ կը կատարեն աջ ու ձախ ու նոր մետալներ ստանալով Էմիրութիւններ կը վերադառնան:


Երբ նախկին նախագահ Քոչարեան ԱՄԷ այցելեգ հետը բերած էր գնահատանքի եւ այլ գիրերու լման տրցակ մը: Կային հանդիպումներ ուր ներկաներու թիւին չափ շքանշաններ բաժնուեցան:


Այսքան մետալակիրներ, շքանշանակիրներ, ասպետներ, իշխաններ եւ թագաւորներ ունինք մեր գաղութին մէջ, բայց անոնցմէ ո՞ր մէկը իր գրական, գիտական կամ գեղարուեստական վաստակին համար ստացած է իր տիտղոսը: Ո՛չ մէկը:

Մեր գաղութը չունի՞ արդեօք գիտամտաւոր պաշարի եւ ժառանգի տէր մարդիկ: Ունի: Բայց մետալներ շնորհողները մասնաւոր ի՞նչ օգուտ պիտի գտնէին եթէ պատուէին անոնց:

Խտրականութեան հետքերը ծածկելու փորձառութիւն

Hrach Kalsahakian gives examples from his own experience about discriminating attitude of some officials in the Armenian Council in Sharjah. He says that this attitude is really harmful and above all unethical.

Հրաչ Քալսահակեան


Երբ արտասահմանէն հիւրեր այցելեն մեր գաղութը անոնք կը տեսնեն մեր գողտրիկ եկեղեցի-դպրոց համալիրը Շարժայի մէջ եւ կը հիանան թէ ինչպէ՜ս անապատին մէջ, այսպիսի օտար երկրի մը մէջ, հայեր կրցած են այսպիսի բան իրականացնել:


Անոնցմէ մէկը երբ հարց տայ թէ այս եկեղեցին ո՞ր հատուածին կը պատկանի, կը ստանայ խորհրդաւոր ժպիտով պատասխան մը՝ «ամէն հայու»: Շատ լսած ենք «մենք այստեղ խտրականութիւն չունինք», «մեզի համար կարեւորը հայն է», «այս կառոյցը ամէնուն տունն է» խօսքերը:


Առաւելագոյն մէկ ժամ տեւող այցելութեան սահմաններուն մէջ դժուար պիտի ըլլայ հիւրի մը համար սոյն լոզունգներուն ետին թափանցել: Բայց տասնամեակներ այստեղ ապրողին համար այլ է պատկերը:


Անձնական օրինակով խօսիմ: Վերջերս «Ազատ-Հայ» կայքը, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ գործող համահայկական տարածումով լրատուական կայք մըն է ստացաւ պատւոյ գիր Սփիւռքի Նախարարութենէն: 


Լուրը պատշաճ կերպով փոխանցուեցաւ Շարժայի Ազգային Վարչութեան բայց յայտարարութիւններու ցուցատախտակին վրայ չդրուեցաւ: 


Այլ օրինակ՝ Երկու շաբաթ առաջ գաղութը ծառայող Սրբազան հօր ողջերթի ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր Տուպայի հինգ աստղանի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ: «Ազգային գործունէութիւն ունեցող» բոլոր անձեր եւ մարմիններ հրաւիրուած էին այդտեղ, բացի վերոյիշեալ կայքէն: Արդեօ՞ք «Ազատ-Հայ»ը ազգային գործունէութիւն ծաւալող մարմին չէ՞: Այո՛, այդպիսին է, բայց խտրականութեան ոգիով առաջնորդուողներուն համար հարցը այլ ծալքեր կրնայ ունենալ:


Անշուշտ եթէ հարց տրուի թէ ինչո՞ւ այսպէս կը պատահի, ամէն տեսակի պատճառաբանութիւններ պիտի մէջտեղ նետուին: 


Եզրափակենք հետեւեալ հաստատումով՝ Էմիրութիւններու հայ գաղութին մէջ խտրականութիւն կայ, բայց անոր հետքերը ծածկելու կարեւոր փորձառութիւն կուտակուած է:

Thursday, January 27, 2011

Աշխուժութիւն ցոյց չտալ միայն ընտրութիւններու ժամանակ

Hrach Kalsahakian refers to the active Armenian community life in Sharjah immediately before the election period, in contrast with earlier longer periods of inactivity. He wishes that the spirit of activism does not remain associated only with the election period.

Հրաչ Քալսահակեան


Կը գտնուինք թեմական ընտրութիւններէն 2-3 ամիս հեռաւորութեան վրայ եւ արդէն նկատելի է ազգային վարչութեան եւ անոր մարմիններուն կողմէ սովորականէն աւելի աշխոյժ գործունէութիւն:


Մէկը միւսին ետեւէ ամէն կարգի ձեռնարկներ կը կազմակերպուին: 


Երկար ժամանակ անշարժ մնալէ եւ շուրջիններն ալ անշարժութեան մատնելէ ետք, ազգային վարչութիւնը սթափած կը թուի ըլլալ, քաջ գիտակցելով թէ վերջին տպաւորոթիւնները կրնան կարեւոր հետք ձգել եւ մեծ ազդեցութիւն ներգործել ընտրական զանգուածին հոգեբանութեան վրայ:


Կեդրոնացնելով աշխատանքը նախընտրական շրջանի սեղմ սահմաններուն մէջ, ազգային-հասարակական կեանքը զրկած կ՛ըլլանք շարունակականութենէ: Առաւել, կը ստեղծուի այնպիսի տպաւորութիւն, թէ գործող մարմիններուն հիմնական մտահոգութիւնը ընտրական հաշուարկն է:


Եկէք նոր հոգեբանութեամբ յաջորդ փուլ անցնինք եւ ընտրութիւններէն ետք պահպանենք աշխատանքի բարձր տրամադրուածութիւն՝ հեռու մնալով անհոգ հոգեվիճակէն


Saturday, January 8, 2011

Հիւրանոցի մէջ ողջերթ

Հրաչ Քալսահակեան

Hrach Kalsahakian writes about the necessity of conducting Armenian activities and events in the Armenian Center in Sharjah instead of spending much needed sums in Dubai luxury hotels as happened with the farewell reception of Archbishop Goriun Babian on 10 January 2011.


Ութ տարիներ գաղութին ծառայելէ ետք Արք. Կորիւն Պապեանը պիտի վերադառնայ Անթիլիաս՝ լծուելու գիտամտաւոր աշխատանքի: Ողջերթի ընդունելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Տուպայի շքեղ հիւրանոցներէն մէկուն մէջ՝ 10 Յունուար 2011ին: Մասնակցութեան սակը՝ 200 տիրհամ:


Մեր կարծիքով ազգային – եկեղեցական կեանքին հետ սերտօրէն առնչուած նման միջոցառումներ տեղի պէտք է ունենան հայ կեդրոնին մէջ հետեւեալ պատճառներով՝


- Ծախսը շատ աւելի նուազ կ՛ըլլայ:


- Մասնակցութեան սակը մատչելի կ՛ըլլայ (կամ նոյնիսկ ձրի), հետեւաբար աւելի մեծ թիւով անձեր ներկայ կրնան գտնուիլ:


- Ձեռնարկը կը կրէ զգալի հայկական դրոշմ:


- Դաստիարակչական առումով լաւ օրինակ կը հանդիսանայ մեր զաւակներուն:


- Հայ կեդրոնին եւ եկեղեցւոյ արժէքը բարձր կը մնայ:


Տուպայի հիւրանոցները շքեղ են անշուշտ, բայց մենք կրնանք այդտեղ ծախսուած գումարներով մեր կեդրոնն ալ գեղեցիկ վիճակի մէջ պահել: Հասկնալի է թէ կարգ մը ձեռնարկներ կարելի չէ մեր կեդրոնին մէջ իրականացնել բայց այդ պէտք է ըլլայ բացառութիւնը: 


Յիշենք որ տարիներ առաջ երբ մեր ձեռնարկները հիւրանոցներու մէջ կը կատարէինք միշտ երանի կու տայինք այն գաղութներուն, որոնք ունէին իրենց սեփական սրահները: 


Հիմա որ ունինք մեր սեփականը եկէք անոր արժէքը գիտնանք:



Friday, January 7, 2011

Միութիւն մը եւս աւելցաւ մեր փոքրաթիւ գաղութին մէջ

Հրաչ Քալսահակեան

Hrach Kalsahakian writes about the establishment of a new chapter of the Armenian Relief Society (ARS) in the UAE. According to him it would have been better to appoint a representative of ARS to coordinate with the existing committees and organizations in the UAE. 

Վերջերս յայտարարուեցաւ թէ ՀՕՄի մասնաճիւղ մը հիմնուած է Էմիրութիւններուն մէջ: Ըսուեցաւ թէ հիմնադիր հանդիպումը արդէն տեղի ունեցած է 23 Դեկտեմբեր 2010ին:

Հետաքրքիր է իմանալ թէ նորաստեղծ մասնաճիւղը գաղութին մէջ տարիներէ ի վեր գործող «Տիկնանց Յանձնախումբ»էն ի՞նչ տարբեր աշխատանք պիտի կարենայ ծաւալել:


Ճիշդ է որ ՀՕՄը որպէս միջազգային կազմակերպութիւն գործելու եւ իր նպատակները հետապնդելու լայն հնարաւորութիւններ ունի, բայց մեզ նման փոքրաթիւ գաղութի մը համար աւելի լաւ պիտի ըլլայ ուժերը կեդրոնացնել մէկ մարմինի մը վրայ:

Եթէ անպայման անհրաժեշտ է որ ՀՕՄը մասնաւոր ներկայութիւն ունենայ Էմիրութիւններուն մէջ, ապա այդ կարելի է ձեւակերպել գործակատար կամ ներկայացուցիչ անհատի մը նշանակումով, որ իր կարգին կրնայ գաղութիւն մէջ գոյութիւն ունեցող մարմիններուն հետ համադրաբար իրականացնել ՀՕՄի կարգ մը ծրագիրները, յատկապէս հանգանակութիւններու եւ այլ օժանդակութիւններու իրականացման գծով:


Թեմական պարտաւորութիւններ

Հրաչ Քալսահակեան

Hrach Kalsahakian writes about the role of the members of the Legislative Council in the UAE's Armenian community and in the Armenian communities in general.


2007 Փետրուարին տեղի ունեցան Ծոցի երկիրներու հայութեան թեմական 4րդ ընտրութունները, որու հետեւանքով 18 անձեր ընտրուեցան ծառայելու թեմական կառոյցին մէջ հետեւեալ ձեւով՝ Քուէյթ 9 հոգի, Շարժա 5 իսկ Ապու Տապի 4:


Ժամանակը հասած է հիմա 5րդ թեմական ընտրութիւններուն: 


Թեմական կազմը գաղութին բարձրագոյն մարմինն է: Ըլլալով ժողովուրդին կողմէ ընտրուած մարմին ունի օրէնսդրական իրաւասութիւն: Այլ գաղութներու մէջ ճանչցուած է նաեւ որպէս Գաւառական Ժողով:


Թեմականները կը վայելեն մեծ հեղինակութիւն: Անոնք ազգային եկեղեցական կեանքին մանրամասնութիւններուն հետեւելու եւ լուծումներ տնօրինելու իրաւունք ունին: Անոնց գործունէութեան ոլորտներուն մասին մարնամասնօրէն նշուած է թեմի կանոնագրութեան մէջ:


Թեմականները պէտք է ըլլան գիտակից եւ փորձառու: Իրենց անձնական վարքագիծով բարձր օրինակ պէտք է հանդիսանան գաղութի անդամներուն: Առաւել, պարտին ըլլալ համեստ, համբերատար, հաւասարակշռուած, հանդարտաբարոյ, հոգատար, հնարամիտ եւ հայրէնանուէր: Պէտք է ամէն գնով պահպանեն հայավայել կենցաղ:


Ընտրուելէ առաջ պէտք է անոնք արդար սկզբունքներու հիման վրայ ներկայանան ընտրութիւններուն՝ առանց վարկաբեկելու այլ թեկնածուներ կամ քուլիսներուն ետին անոնց դէմ աշխատելու:


Նոյնիսկ երբ այս կամ այն խմբակցութիւններուն նեցուկը վայելեն, անոնք պարտաւոր են արդար մնալ իրենց մօտեցումներուն մէջ եւ չկարծեն թէ «ընտրապայքար» կը նշանակէ ընտրուելու սիրոյն ամէն միջոցի բացարձակ օգտագործում:


Ընտրուելէ ետք անոնք պէտք չէ յոխորտան իրենց յաղթանակին մասին: 


Թեմական ըլլալ ի վերջոյ կարեւոր պարտականութիւն մը է եւ ռչ թէ պարզապէս տիտղոս: