Wednesday, December 5, 2018

Ընտրողական Յանձնախումբը կը լծուի գործի

Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան կողմէ նշանակուած Ընտրողական Յանձնախումբը Երեքշաբթի 4 Դեկտեմբեր 2018 երեկոյեան ժամը 8:00-ին ժողով գումարեց եւ ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ պատկերով:

Ռաֆֆի Հալէպլեան՝ Ատենապետ
Անժել Սապա ՝ Ատենադպիր
Թինօ Չիֆթճեան՝ Հաշուապահ/Գանձապահ
Համլեթ Ծատուրեան՝ Խորհրդական
Մկօ Ղազարեան՝ Խորհրդական

Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ թէ Ուրբաթ, 18 Յունուար 2019-ին տեղի պիտի ունենայ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Երեսփոխանական Է. ընտրութիւնները Շարժայի համալիրի Բիէր Քէսօսէեան սրահէն ներս առաւօտեան ժամը 10:00 մինչեւ երեկոյեան ժամը 17:00: 

Պիտի ընտրուին 7 անդամներ։ Բոլոր ազգայինները կրնան ընտրութեան մասնակցիլ, ըստ թեմի կանոնագրութեան որոնք կը լրացնեն հետեւեալ պայմանները:

1) Հայ Եկեղեցւոյ զաւակ ըլլալ։

2) 18 տարիքը լրացուցած ըլլալ՝ ընտրելու համար, իսկ 25 տարեկան՝ ընտրուելու համար։

3) Ընտրական շրջանին մէջ մնայուն կերպով բնակութիւն հաստատած ըլլալ քուէարկութենէն առ նուազն վեց ամիս առաջ։

4) Քրէական յանցանքով դատապարտուած չըլլալ։

5) Ազգային տուրքը վճարած ըլլալ կանոնաւորապէս (ներառեալ 2018-ի տուրքը)։ 

6) Ազգային Երեսփոխանական կամ Ազգային Վարչութեան Ժողովին կողմէ իբրեւ զեղծարար դատապարտուած կամ համայնքային պաշտօններէ վտարուած չըլլալ։

7) Մտային խանգարում ունեցած չըլլալ։

Անոնք որոնք կ՛ուզեն իրենց թեկնածութիւնը առաջարկել, պէտք է իրենց գրաւոր դիմումը, անցագրի պատճէնը եւ երեք լուսանկար ներկայացնեն յանձնախումբիս անդամներէն ոեւէ մէկուն ժամկէտ ունենալով 5 Յունուար 2019, գիշերուայ ժամը 11:59-ը։ 

Թեկնածուներու ցանկը պիտի փակուի վերոյիշեալ ժամկէտին, որմէ ետք նոր անուններ կարելի չէ աւելցնել ցանկին վրայ։

Thursday, November 22, 2018

2019ի Թեմական ընտրութիւններու ընտրողական յանձանխումբը նշանակուած է

2019ի Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց թեմական ընտրութիւններ

Հրապարակուած են ընտրողական յանձնախումբի անդամներուն անունները, որոնք պիտի հսկեն ընտրութիւններուն գործընթացին վրայ: 

Ընտրողական Յանձնախումբ
1. Անժել Սապա 
2. Թինօ Չիֆթճեան
3. Ռաֆֆի Հալէպլեան
4. Համլեթ Ծատուրեան
5. Մկօ Ղազարեան 
Վարչական ներկայացուցիչ՝ Հրաչ Մանճիկեան:

Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 18 Յունուար 2019ին: 

--------------------------

Electoral Committee
Herewith please find the names of Electoral Committee members:
1. Angele Saba
2. Tino Tchifjian
3. Raffi Haleblian
4. Hamled Zadourian
5. Mgo Ghazarian 

Council of the Armenian Community in Dubai & the Northern Emirates
(Council's representative: Hratch Manjikian)

Friday, June 1, 2018

Պատահած բա՞ն է 11 տարի ծառայել և յետոյ ակնթարթի մը մէջ մոռցուիլ

Այսպիսի պարագայ մը արձանագրուեցաւ Էմիրութիւններու Շարժա համայնքին մէջ:

Տասնըմէկ տարի նուիրաբար ծառայող Րօզէթ Պաղտոյեանը մէկ օրէն միւսը մոռացութեան մատնուեցաւ, երբ ան որոշեց չշարունակել իր սիրայօժար ու կամաւոր ծառայութիւնը:

Րօզէթը իր կեանքէն հազարաւոր ժամեր տրամադրած էր Էմիրութիւններու գաղութին, մանաւանդ տեղւոյն միօրեայ վարժարանին:

Ան ո՛չ մէկ ջանք խնայեց: Քրտնաջան աշխատեցաւ: Ոչ մէկ ատեն իր ծառայութիւնն ու նուիրական մօտեցումը սակարկութեան նիւթ դարձուց: Բոլորը վկայ դարձան իր գործունէութեան:

Շահեցաւ ծնողներուն համակրանքն ու սէրը: Անոնք իր մէջ գտան իրենց զաւակներուն խնամատար ու հոգածու պաշտպանը: Մէկ-մէկ ճանչցաւ ծնողներն ու աշակերտները: Իւրաքանչիւրին կեանքը, բոլոր մանրամասնութիւններով հանդերձ՝ իրը դարձուց:

Ու օր մըն ալ անարդարութեան մը ականատես դարձաւ, որ զինք այնքան յուզեց, որ որոշեց անաղմուկ հեռանալ:

Իր հեռացումը սակայն առիթ տուաւ որ նոր անարդարութիւն մը արձանագրուի: Իր երկարամեայ ծառայութիւնը այդպէս ալ աննկատ մնաց ու մոռացութեան դատապարտուեցաւ:

Մեզի սակայն կը մտահոգէ այս երեւոյթը, քանի որ մեր հասարակութիւնը այսպիսի պարագաներու կրկնութեամբ կրնայ տկարանալ ու կորսնցնել առողջ հաւաքական կեանքի մթնոլորտը:

Մեր իրականութիւնը պէտք ունի ծառայասէր անձերու:

Որքա՜ն դժուար եղած է այդպիսի մարդոց հանդիպիլ:

Բայց երբ կը հանդիպինք, նուազագոյնը ազնիւ ըլլանք ու խոնարհինք անոնց ներդրումին առջեւ: Գոնէ այդպէս խթանած կ'ըլլաք, որ ուրիշներ ալ հետեւին անոնց օրինակին:

Monday, February 23, 2015

Շիրակ Թադոսեան՝ Տուպայ հաստատուած Իրաքահայ երաժիշտ

Shirak Tatosian is Iraqi Armenian who lives in Dubai and performs in some of the known Arabic restaurants.

Տուպայ հաստատուած իրաքահայ Շիրակ Թադոսեան արաբերէնով ելոյթ կ'ունենայ քաղաքի յայտնի ճաշարաններուն մէջ:

https://www.youtube.com/watch?v=5rx1NsPWfH8

https://www.facebook.com/shirak.tatosian

Thursday, January 15, 2015

2015ի Ընտրական Ծրագիրս

Հրաչ Քալսահակեան
Hrach Kalsahakian
Hrach Kalsahakian presents his program for the coming 4 years (in case he is elected). 

The main 4 elements of his program are:

- Establishment of Armenian daily nursery with qualified staff. 

- Formation of a committee for welcoming the new comers and briefing them about community life. 

- Hiring of an international recruitment and job placement company for providing assistance to jobless Armenians residing in UAE, enabling them to re-enter the employment market. 

- Enhancing relations with academic, scientific, cultural and media circles in the UAE, furnishing them with information on Armenia and the Armenians. .

2011ի ընտրութիւններուն ծրագիր մը ներկայացուցած էի, բայց ծրագիր չունեցողները ընտրուեցան ու իմ ծրագիրս այդպէս ալ թուղթի վրայ մնաց:

Այժմ չեմ ուզեր ձեր ժամանակը սպառել այդ ծրագրին մանրամասնութիւններով, բայց կան չորս հիմնական կէտեր, որոնք ընտրուելէս ետք, պիտի դարձնեմ իմ մնայուն ուշադրութեանս առարկան եւ ամէն գնով պիտի աշխատիմ որ անոնք իրականան:

Նշուած կէտերը հետեւեալներն են՝

1) Ստեղծել հայկական ամէնօրեայ մանկապարտէզ՝ արհեստավարժ դաստիարակներով:

2) Ստեղծել յանձնախումբ մը՝ համայնքին միացող նորեկ անդամները սիրալիր ընդունելու եւ ազգային կեանքի առաջնորդելու համար:

3) Ապահովել անձնակազմի կառավարման միջազգային գործակալութեան մը ծառայութիւնները՝ գործազրկութեան ենթարկուած մեր համայնքի անհատները աշխատանքային դաշտ վերադարձնելու համար:

4) Հաղորդակցական կապ ստեղծել Էմիրութիւններու մէջ գործող տեղական և օտար գիտական, կրթական, ընկերային եւ մշակութային մարմիններուն ու անհատներուն հետ:

Եթէ ձեր ժամանակը կը ներէ, կարդացէք նաեւ 2011-ի ընտրական ծրագրիս 17 կէտերը հոս՝ http://temagan.blogspot.ae/2011/03/blog-post.html

Յաջողութի՛ւն բոլորին:

Հրաչ Քալսահակեան

Wednesday, January 14, 2015

Ազգային Տուրք՝ երկսայրի սուր

Ազգային Տուրքի գանձում
The so called National Taxation was first mentioned in the National Constitution of Ottoman Armenians (1860) in Constantinople. It aimed at creating a sense of belonging to the church through an annual contribution. Members of UAE Armenian society are asked to pay AED 100 per family. Although it is not a big sum, but - if accumulated - it can discourage a person from paying it. Without this sum a person is not allowed to vote. The members of the Temagan body know that this has been one of the reasons many individuals are staying away, but they are not worried, because having a small pool of voters will guarantee them to be re-elected to their positions. There are several practical measures that can be taken to solve this issue. In the Armenian text below we provide 5 recommendations in this regard.  

Ազգային Տուրքը երբ 1860ի Ազգային Սահմանադրութեան մէջ առաջին անգամ երեւցաւ, թերեւս նպատակ ունէր Օսմանեան կայսրութեան հայերուն մէջ արթնցնել համայնքի մը (կամ ազգի մը) պատկանելու զգացում: Վճարելու տարեկան տուրքը թրքահայերը այս ձեւով պիտի կարենային անդամ նկատուիլ եկեղեցւոյ: Ի հարկէ եկեղեցին նաեւ եկամուտի պէտք ունէր եւ այդ ձեւերէն մէկն է եկամուտ ստեղծելու:

Տուրք մը վճարելու համար երկու ձեւ կայ՝ համոզելով կամ պարտադրաբար:

Մեր ներկայ իրականութեան մէջ եկեղեցին իր տրամադրութեան տակ ուղղակի միջոցներ չունի պարտադրելու համար այս տուրքահաւաքը: Հետեւաբար կը դիմէ անուղղակի միջոցներու՝ օրինակի համար պսակի, ծնունդի կամ թաղման արարողութիւններէն առաջ կը գանձէ տարիներէ ի վեր կուտակուած տուրքերը:

Փաստ է որ մեր գաղութին մէջ ազգային տուրք չվճարողներուն տոկոսը կը կազմէ 95%: Ըստ տոմարներուն միայն 300-350 հոգի վճարած են ազգային տուրք: Մնացեալներուն մեծ մասը երկար տարիներէ ի վեր չեն վճարած: Նոր եկողները ընդհանրապէս լուր չունին ինչ ըսել է ազգային տուրք, նոյնիսկ չեն գիտեր ինչ ըսել է թեմական կառոյց, հոգաբարձութիւն, թաղականութիւն, եւայլն:

Առանց ազգային տուրքի վճարումին անհատը զրկուած կ'ըլլայ քուէարկելու իրաւունքէն, պարագայ մը որ զարգացած աշխարհի մէջ ընդունուած չէ եւ չի կրնար ընդունուած ըլլար, որովհետեւ մարդկային տարրական իրաւունքներուն դէմ է: Բայց քանի որ մենք կ'առաջնորդուինք 160 տարի կեանք ունեցող սահմանադութեամբ մը, ստիպուած կը գործադարենք անոր պարունակութիւնը:

Թեմի գլուխը գտնուող անձնաւորութիւնները մտահոգ չեն թուիր ըլլար այս վիճակով: Նախ պարզ հաշուարկով, որքան աւելի քիչ քուէ ըլլայ այդքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ անոնց վերընտրութիւնը:

Կարելի է հետեւեալ առաջարկները որդեգրել, եթէ անշուշտ ազգին օգտակար դառնալու եւ գաղութային իրավիճակը աշխուժացնելու միտում ըլլայ՝

- Կանոնագրութեան մէջ չի նշուիր թէ ազգային տուրքը որքան պէտք է ըլլայ: Անցեալին, ուղղակի պատահական կերպով որոշուած է, որ այդ ըլլայ տարեկան հարիւր տիրհամ: Թեմականները կրնան առանց ոչ մէկ հակականոնագրային կացութիւն ստեղծելու որդեգրել նոր որոշում, ըստ որուն ազգային տուրքը պիտի ըլլայ խորհրդանշական գումար մը՝ ըսենք տասը կամ քսան տիրհամ: Այդ քայլը առնելով դաշտը լայն բացած կ'ըլլանք ներգրաւելու համար նոր անհատներ, ի տարբերութիւն հիմակուայ վիճակին երբ համայնք - անհատ յարաբերութեան առանցքը կը կազմէ այսպիսի նիւթական հարց մը: Վստահաբար թեմականները գիտեն որ այդ լաւ լուծում է եւ իրենց իրաւասութիւններու սահմանին մէջ է, բայց ատոր գինը ծանր կրնայ արժել իրենց գրաւած աթոռներուն վրայ:

- Կարելի է ներում տալ երեսփոխանական մէկ շրջանէ աւելի (այսինքն չորս տարիէ աւելի) ազգային տուրք չվճարած անհատներուն: Այս անհատները արդէն պատժուած են անցեալին, քուէարկելու իրաւունքէն զրկուելով, իսկ հիմա դարձեալ պիտի պատժուին: Նախորդ տարիներուն տուրք վճարելու դժուարութիւն ունեցող անհատը, հիմա ինչպէ՞ս պիտի կարենայ վճարել կուտակուած բոլոր տուրքերը: Թեմականները գիտեն այս կէտը եւ շատ լաւ կը տեսնեն թէ ատոր պատճառով շատ մարդիկ հեռու կը մնան ազգային կեանքէն եւ հետըզհետէ հետաքրքրութիւն կը կորսնցնեն ազգային կառոյցներուն նկատմամբ:

- Կարելի է Էմիրութիւններուն մէջ չեղեալ համարել ազգային տուրքը որովհետեւ երկիրը ընդհանարպէս տուրքերէ զերծ միջավայր մըն է եւ չկայ ոչ մէկ օրինական մարմին որ տուրք կը գանձէ: Ուրեմն ազգային տուրքը տեղական պայմաններու դիտանկիւնէն լրիւ հակաօրինական է:

- Կարելի է այլ հնարամիտ ձեւերու մասին մտածել որպէսզի մարդիկ ներգրաւուին ազգային կեանքին մէջ եւ չկարծեն որ դրամական պատճառներով իրենք մաս կազմելու իրաւունք չունին: Օրինակի համար կարելի է քաջալերել մասնակի վճարումներով լրացնել անցեալի կուտակուած տուրքերը:

- Ի վերջոյ կարելի է «Ասպետավայել» (առարկութիւնը Կիլիկեան Ասպետներուն մասին է) նուիրատուութեամբ մը մարել բոլոր պարտքերը: Ապու Տապիի եկեղեցւոյ կառուցման ծախսերով կարելի պիտի ըլլար Էմիրութիւններու հայ գաղութի Ազգային Տուրքերը վճարել յաջորդող 55 տարուան տեւողութեամբ:

Այս բոլոր հաշիւները կրնան ընել թեմականները, բայց ինչո՞ւ պիտի ընեն: Իրենց չի հետաքրքեր թէ որքան մարդ կը մասնակցի ազգային կեանքին: Կարեւորը կանոնագրութիւնը գործադրուի իրենց հասկցած ձեւով եւ տայ իրենց ցանկացած արդիւնքները: